Եռօրեայ Աղօթք Ի Պատրաստութիւն Վերափոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու
Աղօթք
Ով Մարիամ, դուն որ մոլորած ազգերու փրկութիւնն ես, գորովալի ակնարկ մը ուղղէ՛ մեր սիրելի ազգին վրայ, որ քեզ պատուելէ եւ սիրելէ չէ դադրած, եւ զայն ճշմարիտ Եկեղեցւոյ մայրենի ծոցը առաջնորդէ՛: Ով առաքեալներու Թագուհի, տո՛ւր որ մենք եւս քու դրօշիդ ներքեւ ճշմարտութեան եռանդուն առաքեալներ ըլլանք եւ մեր սիրելի եղբայրներուն փրկութեան համար աշխատինք. ամէն:
Նուիրում Ամենասուրբ Կոյսին
Ով մեր ամենասիրելի մայրը, ով ամենակարող տիրուհի, թոյլ տուր որ հանդիսաւորապէս քեզի նուիրենք մեր սրտերը, մեր հոգիները, ինչ որ ունինք եւ ինչ որ ենք, մեր կեանքը ամբողջովին:
Մենք գիտենք որ քու մայրենի բազուկներուդ մէջ քու բոլոր որդիներդ տեղ ունին. եւ թէ քու բարութիւնդ մեր բոլոր խեղճութիւններուն վրայ կը տարածուի, եւ քու շնորհքներդ մեր կարիքներուն կը հաւասարին:
Այո՛, ով Մարիամ, մենք քուկդ ենք, մենք քեզի կը պատկանինք, ինչպէս զաւակներ՝ իրենց մօրը: Ընդունէ՛ յարգանքը մեր սիրոյն եւ վստահութեան: Միշտ, այո՛, միշտ մենք քեզի պիտի պատկանինք եւ քեզ պիտի օրհնենք: Թոյլ մի՛ տար բնաւ որ քեզի անհաւատարիմ գտնուինք:
Ով մայր, դուն որ այնքան մեծ ես եւ այնքան բարի, դուն ալ մեզ սիրէ՛ եւ մեզ ամէնքս օրհնէ՛: Սիրէ՛ եւ օրհնէ՛ զանոնք, որ մենք կը սիրենք եւ զոր այս վայրկեանիս մեր սիրտը քու ոտքերուդ առջեւ կը յիշատակէ: Սիրէ՛ եւ օրհնէ՛ մեր թշուառ Ազգը, եւ զանիկա փրկութեան ճամբան առաջնորդէ՛: Սիրէ՛ եւ օրհնէ՛ մեր մայրը՝ սուրբ Եկեղեցին, կոյրերը լուսաւորէ՛, ատելութիւնները մարէ՛ եւ մեզի խաղաղութիւն պարգեւէ՛: Սիրէ՛ եւ օրհնէ՛ նաեւ մեր սիրելի Միաբանութիւնն ու միաբանները, որպէսզի քու բարեխօսութիւնդ հայցելով՝ դառնան երկրի աղը եւ աշխարհի լոյսը:
Եղի՛ր մեզի համար, ով ամենաբարի Կոյս, երկնքի դուռը, որպէսզի՝ ինչպէս այսօր քու խորանիդ ոտքը կը գտնուինք, օր մը նաեւ քու երկնային փառքի Աթոռիդ շուրջը հաւաքուինք, քեզ յաւիտեանս օրհնելու եւ սիրելու. ամէն: