Ի ՊԱՏԻՒ ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ
ազմաչարչար նահատակ, պանծալի Տէր Իգնատիոս,
Քու վարդագոյն արիւնովդ ոռոգեցիր անապատ.
Վկայ եղար Խաչեալին արիական քու մահով։
Վսեմ պարծանք հայ ազգին բարեխօսէ մեզ համար,
բարեխօսէ մեզ համար։
Տառապանքէն գեր ի վեր, վախճանումէն ալ անդին,
Սուրբ արիւնով մկրտուած՝ Որդւոյն եղար խաչակից.
Բռնաւորին անօրէն դուն քաջաբառ դէմ կեցար։
Միջնորդութեամբ ծառայիդ՝ Քրիստոս մեզի ողորմէ,
Քրիստոս մեզի ողորմէ։
Խաչի սիրոյն նահատակ, զոհեալ անթիւ քաջերուն,
Յիշատակը կը տօնէ Եկեղեցին ընդհանուր. Փառքի
պսակ կը շնորհէ Յիսուս Քրիստոս իր ձեռքով։
Հաւատացեալ ժողովուրդ եկէք զիրենք մեծարենք,
եկէք զիրենք մեծարենք։