ՀԱՒԱՏՈՎ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ
1
Հաւատքով կը խոստովանիմ,
Եւ կ’երկրպագեմ Քեզի,
Հայր եւ Որդի եւ Սուրբ Հոգի,
Անեղ եւ անմահ բնութիւն,
Արարիչ հրեշտակներու եւ մարդերու
Եւ բոլոր արարածներու:
Ողորմէ քու արարածներուդ:
2
Հաւատքով կը խոստովանիմ,
Եւ կ’երկրպագեմ Քեզի,
Անբաժանելի լոյս,
Միասնական Սուրբ Երրորդութիւն
Եւ մէկ Աստուածութիւն,
Արարիչ լոյսի եւ հալածիչ խաւարի,
Հալածէ իմ հոգիէս
Մեղք եւ անգիտութեան խաւարը,
Եւ լուսաւորէ իմ միտքս,
Որպէս զի այս պահուս
Քեզի հաճելի` աղօթեմ
Եւ ընդունիմ քեզմէ` խնդրանքներս իմ:
Եւ ողորմէ ինծի, բազմամեղիս:
3
Հայր երկնաւոր, Աստուած ճշմարիտ,
Որ սիրելի քու Որդիդ առաքեցիր,
Մոլորած ոչխարին ի խնդիր,
Մեղանչեցի երկինքին դէմ եւ քեզի դէմ,
Ընդունէ զիս`
Որպէս որդին անառակ,
Եւ զգեցուր ինծի պատմուճանն առաջին,
Որմէ մեղքով մերկացայ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
4
Որդի Աստուծոյ, Աստուած ճշմարիտ,
Որ հայրական ծոցէն խոնարհեցար,
Եւ մարմին առիր Սուրբ Կոյս Մարիամէն,
Մեր փրկութեան համար,
Խաչուեցար եւ թաղուեցար,
Յարութիւն առիր մեռելներէն
Եւ առ Հայրն համբարձար,
Մեղանչեցի երկինքի եւ քեզի դէմ.
Յիշէ զիս, որպէս աւազակն,
Երբոր գաս քու արքայութեամբդ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
5
Հոգի Աստուծոյ, Աստուած ճշմարիտ,
Որ Յորդանան իջար, եւ Վերնատունն իջար
Եւ զիս լուսաւորեցիր
Սուրբ աւազանին մկրտութեամբ,
Մեղանչեցի քեզի դէմ եւ երկինքի դէմ,
Մաքրէ զիս վերստին,
Աստուածային քու հուրով,
Որպէս հրեղէն լեզուով` Առաքեալները,
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
6
Անեղ բնութիւն,
Մեղանչեցի քեզի դէմ, իմ մտքովս,
հոգիովս եւ մարմնովս.
Մի՛ յիշեր իմ առաջին մեղքերս,
Քու սուրբ անուանդ սիրոյն.
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
7
Ո՜վ ամենատես,
Մեղանչեցի քեզի դէմ` խորհրդով,
խօսքով եւ գործով,
Ջնջէ յանցանքներուս ձեռագիրը,
Եւ գրէ անունս իմ` կենաց գրքին մէջ.
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
8
Քննող գաղտնիքներու,
Մեղանչեցի քեզի դէմ, կամայ եւ ակամայ,
Գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ,
Թողութիւն շնորհէ մեղաւորիս,
Որովհետեւ աւազանի ծնունդէս,
մինչեւ այսօր,
Մեղանչած եմ Աստուածութեանդ դէմ`
Զգայարանքներով եւ մարմնիս
բոլոր անդամներով:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
9
Ամենախնամ Տէր,
Դիր պահապան աչքերուս` քու սուրբ երկիւղդ,
Որպէս զի չնայիմ արատի, Եւ ականջներուս`
Որպէս զի չարութեան խօսքերէն չախորժիմ,
Եւ բերանիս` որպէս զի սուտ չխօսիմ,
Եւ սրտիս` որպէս զի չարութիւն չխորհիմ,
Եւ ձեռքերուս` որպէս զի անիրաւութիւն չգործեմ,
Եւ ոտքերուս` որպէս զի անօրէնութեան
ճանապարհէն չքալեմ,
Այլ ուղղէ՛ շարժումն ասոնց
Որպէս զի ընթանան ըստ պատուէրներուդ,
ամէն բանի մէջ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
10
Հուր կենսունակ Քրիստոս,
Հուրը քու սիրոյդ`
Զոր դուն դէպի երկիր արձակեցիր
Բորբոքէ՛ իմ անձիս մէջ,
Որպէս զի այրէ աղտը հոգւոյս,
Եւ սրբէ խղճմտանքս,
Մաքրէ մարմնիս մեղքերը,
Եւ քու գիտութեանդ լոյսը վառէ
Իմ սրտիս մէջ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
11
Հօր իմաստութիւն, Յիսուս,
Իմաստութիւնդ տուր ինծի,
Որպէս զի խորհիմ եւ խօսիմ
Բարւոյն մասին,
Ամէն ժամ գործեմ բարին,
Քեզի հանդէպ.
Չար խորհուրդներէ, խօսքերէ եւ գործերէ
Փրկէ զիս:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
12
Բարիքներու կամեցող, Տէ՛ր կամարար,
Մի՛ թողուր ինձ` որ ընթանամ ըստ կամքիս,
Այլ առաջնորդէ զիս
Որ ընթանամ ըստ քու բարեսէր կամքիդ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
13
Երկնաւոր արքայ,
Տուր ինծի արքայութիւնդ,
Զոր խոստացար քու սիրելիներուդ,
Զօրացուր սիրտս,
Որպէս զի ատեմ մեղքը,
Եւ քեզ միայն սիրեմ,
Եւ քու կամքդ կատարեմ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
14
Խնամող արարածներու,
Քու խաչիդ նշանով
Պահէ իմ հոգիս եւ մարմինս,
Մեղքի պատրանքներէն,
Դեւերու փորձութենէն,
Անիրաւ մարդերէն,
Եւ ամէն վտանգներէ` հոգիի եւ մարմնի:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
15
Պահապան ամենայնի, Քրիստոս,
Քու աջդ թող ըլլայ իմ վրաս հովանի,
Գիշեր-ցերեկ,
Տան մէջ եւ ճանապարհի վրայ,
Ի քուն եւ արթուն,
Որպէս զի երբեք չսասանիմ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
16
Աստուած իմ,
Դուն որ ձեռքդ կը բանաս,
Եւ ողորմութեամբ կը լիացնես
Բոլոր արարածներդ,
Քեզի կը յանձնեմ իմ անձս,
Դուն հոգա եւ պատրաստէ
Իմ հոգւոյս եւ մարմնիս կարիքները,
Այսուհետեւ մինչեւ յաւիտեան:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
17
Դարձուցիչ մոլորածներու,
Դարձուր զիս իմ չար սովորութիւններէս,
Դէպի բարի սովորութիւն,
Բեւեռէ հոգիիս մէջ`
Սոսկալի օրը մահուան,
Երկիւղը գեհենին,
Սէրը արքայութեանդ,
Որպէս զի զղջամ մեղքերուս համար,
Եւ գործեմ արդարութիւնը:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
18
Աղբիւր անմահութեան,
Հոսեցուր սրտէս արտասուքը,
ապաշխարութեան,
Ինչպէս պոռնիկին աչքերէն,
Որպէս զի լուամ իմ անձիս մեղքերը
Այս աշխարհէն մեկնելէս առաջ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
19
Պարգեւիչ ողորմութեան,
Պարգեւէ ինծի` ուղղափառ հաւատքով,
Եւ բարի գործով
Եւ սուրբ Մարմնոյդ եւ Արեանդ
հաղորդութեամբ`
Որ գամ առ Քեզ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
20
Բարերար Տէր,
Յանձնէ իմ անձս բարի հրեշտակի մը,
Որպէս զի քաղցրութեամբ աւանդեմ
իմ հոգիս,
Եւ զայն անխռով անցընեմ
Չարութեան մէջէն դեւերու,
Որոնք կը գտնուին երկինքի ներքեւ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
21
Լոյս ճշմարիտ, Քրիստոս,
Արժանացո՛ւր հոգիս`
ուրախութեամբ տեսնելու
Լո՜յսը փառքիդ, կոչման օրուանս մէջ
Եւ բարեաց յուսով հանգչելու
Օթեւանին մէջ արդարներու,
Մինչեւ օրը գալստեանդ մեծ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
22
Արդար դատաւոր,
Երբոր գաս Հօ՛րն փառքով,
Դատելու համար ողջերն ու մեռելները,
Դատաստան մի՛ մտներ ծառայիդ հետ,
Այլ փրկէ զիս կրակէն յաւիտենական,
Եւ լսելի ըրէ ինձ`
Երանաւէտ կոչումն արդարներու`
Դէպի երկինքի արքայութիւնդ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
23
Ամէնողորմ Տէր,
Ողորմէ բոլոր քեզի հաւատացողներուն,
Ազգականներուս եւ օտարներուն,
Ծանօթներուն եւ անծանօթներուն,
Ողջերուն եւ մեռելներուն,
Շնորհէ թողութիւն` նաեւ թշնամիներուս,
Զիս ատողներուն, որոնք յանցաւոր են
ինծի հանդէպ,
Դարձուր զանոնք չարիքէն,
Զոր իմ պատճառովս ունին,
Որպէս զի արժանի ըլլան ողորմութեանդ:
Եւ ողորմէ քու արարածներուդ
Եւ ինծի` բազմամեղիս:
24
Փառաւորուած Տէր,
Ընդունէ աղաչանքները ծառայիդ,
Եւ ի բարին կատարէ խնդրանքներս,
Բարեխօսութեամբ Սուրբ Աստուածածնին
Եւ Յովհաննէս Մկրտիչին,
Սուրբ Ստեփանոս Նախավկային,
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին,
Եւ սուրբ Առաքեալներուն,
Մարգարէներուն ու վարդապետներուն,
Եւ մարտիրոսներուն,
Եւ սուրբ Հայրապետներուն,
Ճգնաւորներուն, Կոյսերուն,
Եւ բոլոր երկրաւոր եւ երկնաւոր սուրբերուն:
Եւ քեզ փառք եւ երկրպագութիւն,
Անբաժանելի Սուրբ Երրորդութիւն,
Յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն: