ԱՂՕԹՔ Ս. ՄԻՔԱՅԷԼ ՀՐԷՇՏԱԿԱՊԵՏԻՆ
վ երջանիկ հրեշտակապետ Բարձրելոյն Աստուծոյ, Ս. Միքայէլ, քեզի կը մատուցանեմ այսօր իմ հոգիս, եւ սրտանց կը խնդրեմ որ մահուանս ժամուն, դուն ըլլաս ինծի պաշտպան եւ ձեռնտու, զօրացնելու համար զիս չար փորձութիւններուն դէմ եւ իմ հոգիս ներկայացնելու համար աստուածային գթութեանը։ Ասոր համար այսօրուընէ մինչեւ վախճանս քեզ ունիմ ինծի պաշտպան եւ ապաստան։ Ամէն։