Սուրբ Ժամ
Ա.

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն:
Ով պաշտելի Փրկիչ իմ Յիսուս, անհուն էր սէրդ մեր
անձերուն հանդէպ եւ այդ պատճառով հաստատեցիր
Ամենասուրբ Հաղորդութեան հրաշափառ խորհուրդը Քու
աստուածային Մարմնոյդ եւ Արեանդ:
Ուզեցիր մնալ մեր մէջ մինչեւ աշխարհիս
կատարածը ու շրջապատուիլ հաւատացեալներէդ իբրեւ
Հովիւ եւ քու բարեկամներէդ իբրեւ սիրոյ Թագաւոր:
Ամենասուրբ Հաղորդութեան մէջ կը շարունակես
Զոհդ, որպէսզի ազատես զմեզ մեղքէն ու խաւարէն ու մեր
վրայ իջեցնես օրհնութեան ու շնորհքի ջրվէժներ:
Հրեշտակներդ անգամ բաւական արժանի չեն քու
առջեւդ երեւելու: Իսկ մենք ինչպէ՞ս համարձակինք
նայելու Քեզի մեր անմաքուր աչքերով:
Գիտակից ենք մեր մեղքերուն. ամօթահար ենք մեր
անարժանութեամբ: Ուստի եկած ենք խոնարհ սրտով՝
բերելու Քեզի մեր զղջումն ու սիրոյ կարօտը:
Քրիստոս Աստուած մեր եւ Յիսուս Փրկիչ սիրելի,
ներում կը խնդրենք զղջալից սրտով մեր բոլոր, բայց
մանաւանդ այն մեղքերուն համար, զորս գործած ենք
Ամենասուրբ Խորհուրդիդ դէմ:
Ներէ՛ մեզի, որովհետեւ եղած ենք անտարբեր Քեզի
հանդէպ: Ներէ՛ մեզի, որովհետեւ եղած ենք անհոգ Քեզ
այցելելու: Ներէ մեզի, որովհետեւ Քեզ ընդունած ենք
այնքան ցանցառ, այնքան ցրտութեամբ եւ աւա՛ղ, այնքան
անարժանութեամբ:
Ով Գառն Աստուծոյ, որ կը բառնաս աշխարհի
մեղքերը, դառնալի արցունքով կ’ողբանք մեղքերը մեր Հայ
Ազգին, Եկեղեցիին եւ համայն մարդկութեան:
Մասնաւորապէս մեղքերը բոլոր անոնց, որոնք
կ'ուրանան Քու ներկայութիւնդ Ամենասուրբ
Հաղորդութեան մէջ:
Մեր անկեղծ ու բուռն փափաքն է պաշտել ու սիրել
Քեզ ամէնուն փոխարէն:
Ընդունէ՛, բազմագութ Փրկիչ, մեր խորին հաւատքը
իբրեւ փոխարէնը անոնց անհաւատութեան:
Ընդունէ՛, բարեգութ Յիսուս, մեր եռանդագին սէրը
իբրեւ փոխարէնը անոնց ցրտութեան եւ
անտարբերութեան. ամէն:
Բ.

Տէր մեր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս, Ամենասուրբ
Հաղորդութեան մէջ ուզեցիր ըլլալ ազդակ միութեան
Աստուծոյ եւ հաւատացեալներուն միջեւ:
Քու սուրբ կամքդ է, որ սերտիւ միացած ըլլանք
Քեզի եւ Քեզմով՝ իրարու իբրեւ եղբայրներդ, իբրեւ
զաւակներ երկնաւոր Հօրդ:
Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդը հաստատեցիր
արդարեւ իբր կեդրոն եւ գագաթ քրիստոնէական
կեանքին եւ անով կը կերտես ու կը սնուցանես Քու
Եկեղեցիդ:
Փարատէ՛ մեզմէ, Տէր, մոլորութիւններուն ստուերն
անգամ: Անհետացո՛ւր մեր մէջէն բաժանումի
ամենադոյզն սերմերը:
Ըրէ՛ որ ուր բաժանում կայ, միութիւն հաստատենք
եւ խաւարին տեղ ճշմարտութեան լոյսը սփռենք:
Ամենասուրբ Հաղորդութիւնդ ըլլայ սիրոյ եւ
պատճառ հաւատացեալներուն միութեան:
Օրհնութիւն եւ գովութիւն միշտ եւ հանապազ
Ամենասուրբ Հաղորդութեան սիրոյ խորհուրդիդ. ամէն:
Գ.

Ո՛վ աստուածային Սիրտ Յիսուսի, առջեւդ
խոնարհած՝ կ’ուզենք հատուցում ընել Քեզի այն
անարգանքներուն համար, որոնք սիրոյ խորհուրդիդ կը
պատճառեն չար մարդիկ եւ անարժան հաւատացեալներ:
Անհաւատները չեն ճանչնար Քեզ: Մենք կ’ուզենք
ճանչնալ միայն Քեզ՝ Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ
Կեանք:
Մոլորեալները չեն պաշտեր Քեզ Ամենասուրբ
Հաղորդութեան մէջ: Բայց ահա՛, Տէ՛ր, մեր պաշտամունքը
սիրոյ եւ գոհութեան:
Վատեր ու գաղջեր կ’ամչնան դաւանելու Քու սուրբ
ներկայութիւնդ այս Ամենասուրբ Խորհուրդին մէջ:
Մենք կը նուիրենք Քեզի մեր անսասան
դաւանութիւնը:
Գիտենք ու կը խոստովանինք, որ մենք ալ մեղաւոր
ենք, որովհետեւ չենք հետեւած քու Սուրբ Սրտիդ
թելադրանքներուն:
Այդ պատճառով բոլորած ենք Քեզ այսօր: Զղջալ
կ’ուզենք նաեւ մեր ընթացքին վրայ: Մեր հաւատքին
պակսեցաւ սէրը: Մեր սէրէն բացակայ եղան բարի
գործերը:
Ներէ՛, Տէր, մեր անհաւատութեան, գաղջութեան ու
մեր ապերախտութեան:
Յիշէ՛, Տէր քաղցրագութ, որ մեզի համար աշխարհ
եկար ու մեր բնութիւնը առիր: Մեզի համար թափեցիր
Սուրբ Արիւնդ:
Մեղաւորներ փնտռելու համար իջար երկինքէն:
Ահա մենք: Ներէ՛ ու փոխէ՛ մեր սրտերը: Քեզ սիրել
կ’ուզենք այնպէս, ինչպէս Դու արժանի ես սիրուելու:
Քեզի կը նուիրենք, յատուկ կերպով, Հօրդ եւ Սուրբ
Հոգւոյդ անհուն սէրը: Ինչպէս նաեւ Քու Մօրդ, «Մայր
Գեղեցիկ Սիրոյն» ու բոլոր սուրբերուն ու հրեշտակներուն
բոցավառ սէրը. ամէն:
Դ.

Մեր ազգին համար
Ով աստուածային Սիրտ Յիսուսի, կ’ուզենք Քեզի
նուիրել մեր ազգը:
Շատ հինէն ճանչցած ու սիրած է Քեզ հայ ազգը,
փառաւորած է Քեզ քրիստոնէավայել կեանքով ու
հոյակերտ տաճարներով ու պաշտպանած է սուրբ կրօնքդ
իր արիւնով:
Անհուն գթութեամբդ այնպէս տնօրինեցիր, որ շատ
մը մեծ ազգերէ առաջ հայ ազգին հեթանոսական խաւարը
փարատեցաւ Աւետարանիդ լոյսով:
Շրջապատուած Քեզի թշնամի ցեղերէ, հայ ազգը
չարչարուած, հալածուած է, որովհետեւ յանձն չէ առած
ուրանալ Քեզ, հեռանալ Քու Եկեղեցիէդ:
Մարտիրոսներուդ մէջ բիւրաւորներ կան նաեւ մեր
ազգէն:
Աւա՛ղ, սակայն որքան փոխուած է մարտիրոսներուն
սերունդը:
Նոր հեթանոսութեան մը խաւարը կը թանձրանայ
մեր մէջ:
Քեզի համար մեռնողներուն սերունդը կ’ուրանայ,
կ’անպատուէ, կը մոռնայ Քեզ:
Բայց Դու՝ Տէր, մի՛ մոռնար մեր նախնեաց հաւատքն
ու սէրը, ու Քու աստուածային Սուրբ Անունիդ եւ անոնց
սիրոյն համար, մի՛ լքեր, մի՛ մերժեր մեզ:
Դու կրնաս վերստին յարուցանել մեր ազգին մէջէն
դիւցազներ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ:
Վերստին թագաւորէ՛ մեր սրտերուն վրայ: Տո՛ւր
մեզի հայրեր ու մայրեր, որոնք փայլին ընտանեկան
հաւատարմութեամբ ու սրբութեամբ կազմեն քրիստոնեայ
օճախներ, որոնց մէջ ծլին քահանայական ու
կրօնաւորական կոչումներ:
Տո՛ւր մեզի պատանիներ, երիտասարդներ,
չափահասներ ու ծերունիներ, որոնց պարծանք ըլլայ
գեղեցկութիւնը առաքինութեան եւ ուժը
բարոյականութեան:
Տո՛ւր մեզի մանուկներ, որոնք ուրախութիւն ու
պսակ ըլլան Եկեղեցւոյդ եւ ազգին:
Ով Տէր Յիսուս մահուանդ նախօրեակին աղօթեցիր
Հօրդ, որպէսզի սրբացնէ առաքեալներդ եւ քահանաներդ
ճշմարտութեան մէջ. նոյն աղօթքը այսօր ալ բարձրացուր
աշխարհիս բոլոր քահանաներուն, մանաւանդ հայ
կղերին համար:
Սրբացո՛ւր, ով բարեխօս Յիսուս, նմանապէս բոլոր
կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները, որպէսզի
հանդիսանան կենդանարար յիշողութիւնը Քու պաշտելի
անձիդ:
Եւ տո՛ւր ամբողջ Ազգին շնորհք զղջումի ու
վերադարձի: Զայս կը խնդրենք բարեխօսութեամբ՝ քու
Մօրդ՝ Նարեկի Տիրամօր Կուսին. ամէն:
Ե.

Ով քաղցրագութ Սիրտ Յիսուսի, թոյլ տուր այժմ, որ
աղօթենք նաեւ մեզմէ ամէն մէկուն համար: Չենք խնդրեր
հարստութիւն փուճ, վայելք սնոտի, եւ ոչ ալ փառք
անցաւոր:
Կը խնդրենք նախ որ օրհնես մեր անձերը եւ մեր
գործերը, որպէսզի արդար վաստակով ապրինք երկրի
վրայ:
Բայց մեր սրտերը կը ձգտին երկրէ վեր, տեւական,
անանձ գանձի:
Դու ինքդ ես այն աստուածային Գանձը, որուն կը
ձգտինք: Բորբոքէ՛ մեզ այն սիրոյ կրակով, զոր աշխարհ
բերիր սառած սրտերը ջերմացնելու:
Տո՛ւր մեզի խոնարհութիւն: Չմոռնանք երբեք, որ
ոչինչ ենք եւ որ մենք զմեզ ու ամէն բան կը պարտինք
Քեզի:
Զօրացո՛ւր մեզ եսամոլութեան, նախանձի,
չարաշահութեան ու մեր բոլոր յոռի ունակութիւններուն
դէմ, որոնք կրնան բաժնել մեզ Քեզմէ:
Կամքով ձուլուած քու Սուրբ կամքիդ հետ՝ ապրինք
ու մեռնինք Աստուծոյ փառքին համար:
Աքսորական ենք, դէպի մեր երկնաւոր հայրենիքը
ուղղէ՛ մեր աչքերը:
Դու եղի՛ր մեր վարձքը յաւիտենական կեանքի մէջ.
ամէն:
Զ.

Նուիրում
Ով քաղցրագութ Յիսուս, փրկիչ մարդկային ցեղի,
գթալիր ականարկ մը դարձուր մեր վրայ, որ
խոնարհաբար ինկած ենք Քու սեղանիդ ոտքը:
Քուկդ ենք մենք ու կ’ուզենք մնալ Քուկդ, որպէսզի
աւելի սերտիւ միանանք Քեզի, մեզմէ ամէն մէկը
յօժարութեամբ կը նուիրէ ինքզինքը Քու Ամենասուրբ
Սրտիդ:
Շատերը բնաւ ճանչցած չեն Քեզ: Շատերն ալ
ուրացած են Քեզ եւ արհամարհած պատուիրաններդ:
Գթա՛, ողորմէ՛ անոնց ու մեզի բոլորիս, ով քաղցրագութ
Յիսուս: Քաշէ՛ բոլոր մարդիկը դէպի քու աստուածային
Սրտիդ:
Իշխէ՛ ու թագաւորէ՛, Տէր, ոչ միայն հաւատարիմ,
այլ՝ նաեւ անառակ որդիներուս վրայ: Տո՛ւր որ փութով
վերադառնանք հայրենի տունը, ու չկորսուինք
թշուառութեան մէջ սովամահ:
Շնորհէ՛ Տէր Եկեղեցւոյդ անդորրութիւն,
ազատութիւն եւ առատ հունձք Սուրբ Արիւնովդ փրկուած
հոգիներու:
Տո՛ւր, Տէր, բոլոր ազգերուն խաղաղութիւն,
ընկերական արդարութիւն ու սէր, որպէսզի աշխարհի
մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը հնչէ սա օրհներգը. «Գովութիւն
եւ գոհութիւն աստուածային Ամենասուրբ Սրտին
Յիսուսի, որուն կը պարտինք մեր փրկութիւնը. ամէն:
ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ






(Քառասնորդաց)
Աղօթք
ՔՀՆ. Տէր Աստուած բարձրեալ ամենակալ, լոյս
անքնին, մեծութիւն ահեղ, գթութիւն անսահմանելի,
մարդասիրութիւնդ օրհնաբանելի, Յիսուս Աստուծոյ
կենդանւոյ Միածին Որդի: Որ սքանչելարուեստ հրաշիւք,
անպարագիրդ Էակ, վասն մեր եղեր Մարդ ի Կուսէն: Որ
Արեամբդ քո զմեզ ստացար, եւ Մարմնովդ կերակրես: Որ
կարգեալ զայս խորհուրդ անճառելի՝ ուխտ կենաց
անփոխադրելի սահմանեցեր: Որ յանուն զենման՝ միշտ
յիշատակաւ քո չարչարանաց առ Հայր քո բարերար
աղօթել զմեզ համարձակեցեր, եւ զայս տուրս շնորհաց
քան զամենայն գործոց քոց զսքանչելիսն մեծացուցեր:
Լուր մեզ, բազմագութ մարդասէր, տուր զպարարեալ
վշտօք Մարմինդ քո ամենայն սրտի սրբարար կերակուր.
զի զքեզ ունին քաւիչ Քահանայ՝ գնեալ Արեամբ հօտս քո,
հայեաց յամենեսեան զաշխատանս մեր ի քո Օթեւանսդ,
ուր գնացեր, Տէր, եւ խոստացար: Արժանացո՛ զքոյս
փառաւորել զքեզ այդր ընդ Հօր եւ ընդ սուրբ Հոգւոյդ ի
յաւիտեանս:
ԴՊ. Ամէն:
ՔՀՆ. Հովիւ քաջ եւ առաջնորդ բանաւոր հօտի,
աղաչեմ զքեզ, Տէր, նայեա՛ գթութեամբ ի ծառայ քո (Ա.Ա.)
Քահանայապետ՝ զոր կարգեցեր հովիւ Եկեղեցւոյ քում
սրբոյ. Տո՛ւր նմա բանիւք եւ արդեամբք առաջնորդել ի
փրկութիւն իւրոց հնազանդելոցն հաւատացեալ նմա
հօտին. զի ընդ նոսին ժամանեսցէ ի կեանսդ յաւիտենից:
ԴՊ. Ամէն:
Կեցո՛ Տէր
Կեցո՛ Տէր զժողովուրդս քո, եւ օրհնեա
զժառանգութիւնս քո. հովուեա՛ եւ բարձրացո՛ զսոսա
յայսմհետէ մինչեւ յաւիտեան:
)Քառասնորդաց)