Ս. Պատարագ
2026-10-26
Ժամամուտ
Սրբոյն Անաստասայ քահանային եւ Վարոսի եւ Թէոդիտեայ եւ որդւոց նորա եւ որոց ընդ նոսա: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Զերկիւղածս Տեառն փառաւոր առնէ, որ երդնու ընկերի իւրում եւ ոչ ստէ: Տէր, ով կացցէ ի խորանի քում. կամ ով բնակեսցէ ի լեառն սուրբ քո:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Բ. Տիմոթէոսին 2, 3-10
3Իբրեւ ընտիր զինուոր Քրիստոսի, ա՛ռ չարչարանքի բաժինդ։
4Զինուորագրուողը չի պարապիր աշխարհէ գործերով եթէ կ՚ուզէ հաճելի ըլլալ զօրավարին։
5Նմանապէս մարտիկը, պսակը չ՚ընդունիր եթէ չմարտնչի օրէնքի համաձայն։
6Չարքաշ աշխատող մշակը, նախ ի՛նք իրաւունք ունի վայելելու հունձքի պտուղը։
7Հասկցիր թէ ինչ կ՚ուզեմ ըսել. Տէրը թող տայ քեզի իմաստութիւն ամէն բանի մէջ։
8Յիշէ Յիսուս Քրիստոսը՝ յարուցեալ ի մեռելոց, Դաւիթի ցեղէն՝ իմ Աւետարանիս համաձայն։
9Անոր համար կը չարչարուիմ եւ մինչեւ իսկ չարագործի կապանքներ կը կրեմ։ Աստուծոյ խօսքը սակայն չէ շղթայուած։
10Կը կրեմ ամէն բան, ընտրեալներուն համար, որպէս զի անոնք ալ հասնին փրկութեան, յաւիտենական կեանքով հանդերձ, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Մատթէոս 19, 27-29
27Պետրոս խօսք առնելով ըսաւ. «Մենք որ ամէն բան թողուցինք եւ քեզի հետեւեցանք, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզի։»
28Յիսուս պատասխանեց. «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, վերանորոգման օրը երբ Մարդու Որդին պիտի բազմէ փառքի աթոռին վրայ, դուք որ ինծի հետեւեցաք, պիտի բազմիք տասներկու աթոռներու վրայ՝ դատելու համար Իսրայէլի տասներկու ցեղերը։
29Ով որ իմ անունիս համար թողուցած ըլլայ տուն, եղբայրներ, քոյրեր, հայր, մայր, զաւակներ կամ կալուածներ, հարիւրապատիկ պիտի ստանայ եւ իբրեւ ժառանգութիւն՝ յաւիտենական կեանքը։